1880-1950-ական թուականներուն, չինական Հարպին եւ Շանկհայ քաղաքները հայ համայնքներու կեդրոն հանդիսացած են։ Այս չինահայերուն պատմութիւնը, անոնց ընկերա-տնտեսական զարգացումը, ինքնութեան կապերը եւ համայնքներուն յանկարծական կազմալուծումը՝ Չինաստանի համայնավար վարչակարգի հաստատումին հետեւանքով, համեմատաբար քիչ ուսումնասիրուած են մինչեւ օրս։ Հայկական Ուսմանց Ծրագիրը, հետեւաբար, հաճոյքով հրաւիրեց տոքթ. Խաչիկ Մուրատեանը այս նիւթին մասին խօսելու Լոնտոնի մէջ։ Դասախօսութեան ատենավարեց Ծրագիրի անդամներէն Լէօն Ասլանով։