ՓԱՐԻԶ- ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ- Ինչպէս արդէն ծանուցանեցինք թերթիս սիւնակներուն մէջ, Հալէպի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան եւ Թեմի Երեսփոխանական ժողովի անդամ՝ Կարօ Իւզպաշեան ՀՅԴ-ի եւ Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչի հրաւէրով՝ այս օրերուն Ֆրանսա կը գտնուին Հալէպահայութեան զօրակցութեան արշաւի մը ծիրէն ներս: Գրեցինք նաեւ թէ Շահան արք. կուռ ճառ մը արտասանեց CCAF-ի ընթրիքին, որ յոտնկայս ծափահարութիւններու արժանացաւ: