Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times
azerbajan artcaxՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու հայութեան, որ իրենց շրջանի ծերակուտականներուն եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն դիմելով՝ պահանջեն դատապարտել Ատրպէյճանի կողմէ Սումգայիթի, Կիրովապատի եւ Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած հայերու կոտորածները, ինչպէս նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը, որուն վերջին զոհերէն մէկն էր Պելոռուսի կողմէ Պաքուի յանձնուած լրագրող Ալեքսանտր Լափշին։