Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times
halep-zvartnots-9Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացումի խորհուրդով օծուն այս օրերուն, տագնապահար բայց միշտ կանգուն Հալէպ քաղաքէն հայրական կոչ կ'ուղղենք հայ ժողովուրդին՝ վերանորոգ հաւատքով ու յոյսով իրենց հայեացքները ու մտածումները դարձեալ սեւեռելու Սուրիոյ հայութեան վրայ։ Արդարեւ, անցնող շուրջ հինգ տարիներուն տառապեցաւ ու տագնապեցաւ Սուրիոյ մեր սիրելի ժողովուրդը։ Յաճախ մահուան սարսափն ու ֆիզիքական քանդումի երկիւղը պատեցին իր կեանքը. մեր կառոյցները դիմագրաւեցին ահաւոր դժուարութիւններ. ամայացան հայ շունչով ու ստեղծագործ ոգիով բաբախող հայկական թաղերը. տնտեսական տագնապը դարձաւ ամէնօրեայ մղձաւանջ. մահը խլեց նաեւ կեանքը մեր զաւակներուն ու յատկապէս մեր ժողովուրդի պաշտպանութեան նուիրուած մեր քաջ տղոց եւ պայմաններու պարտադրանքով ոմանք հեռացան…։ Սակայն, հակառակ ստեղծուած ծանր կացութեան, համայնքը մնաց կանգուն՝ շնորհիւ իր զաւակներուն ամուր կամքին ու իր հոգեւոր թէ ազգային ղեկավարներու ամբողջական նուիրումին։ Յարգա՜նք Սուրիոյ մեր սիրելի ժողովուրդին։ Տագնապալից օրերուն Սուրիոյ հայութիւնը առանձին չմնաց։ Մեր ազգը, Հայաստանէն սկսեալ մինչեւ Լիբանան եւ ի սփիւռս աշխարհի, օգնութեան ձեռք երկարեց Սուրիոյ իր եղբայրներուն ու քոյրերուն։ Սուրիոյ հայութիւնը, իր կարգին, իմաստութիւնը ունեցաւ միասնական ոգիով բոլորուելու իր կառոյցներուն շուրջ եւ Շտապի Մարմին ստեղծելու, որպէսզի կարենայ մէկ կողմէ՝ համայնքին դիմագրաւած ընդհանրական հարցերուն լուծումներ որոնել, եւ միւս կողմէ՝ ստացուած օժանդակութիւնները բաշխել համապատասխան կարիքներու առաջնահերթութեան։ Սուրիոյ հայութեան աջակցութեան ծիրէն ներս, Հայաստանի պետութեան ցուցաբերած զօրակցութեան առընթեր, ընդառաջելով Մեր կոչին, Կաթողիկոսարանէն ներս հաստատուած Սուրիոյ հայութեան օգնութեան յատուկ ֆոնտին կատարուեցան օժանդակութիւններ՝ գաղութներու, բարեսիրական հաստատութիւններու եւ անհատներու կողմէ։ Յիշեալ օժանդակութիւնները հանգրուանային կերպով փոխանցուեցան Շտապ Մարմինին՝ Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանին ճամբով։