ԱՐԱՄ Ա. «Մեր ժողովուրդը ի սփիւռս աշխարհի ձեզի հետ է ժողովո՛ւրդ հայոց Հալէպի: Թող աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի զաւակները իմանան, որ Սուրիոյ ու Հալէպի մեր ժողովուրդը տառապեցաւ, սակայն այսօր վերականգնած է, ու խաղաղութեան ծիածանը կամար կապած է Հալէպին վերեւ»:ՀԱԼԵՊ-Ինչպես հաղորդում է ՚՚Գանձասարը՚՚, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ուրբաթ, 6 Յունուար 2017-ի առաւօտուն, ազատագրուած Հալէպի մէջ աննախընթաց ցնծութեամբ նշուեցաւ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հոծ հաւատացեալներու ներկայութեան: