Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times

syria-paxtakanԱնցնող օրերուն Հալէպի շուրջ ցայտուն դարձած պատերազմական ծանր իրադրութիւնը կը շարունակուի: Մէկէ աւելի լրատուական աղբիւրներ այս առումով տեղեկութիւն կը փոխանցեն, որ Հալէպի մէջ ընթացող մարտերը կրնան աւելի բարդ եւ վատթարագոյն հետեւանքներ ունենալ: Այս առումով վտանգի տակ են նաեւ Հալէպի հայկական թաղամասրը: Անցնող ուրբաթ օր գրանցուած ծանր վիճակէն ետք, երէկ եւս Հալէպի հայկական շրջանները արիւնալի օր մը ապրեցան: Նոր Գիւղի մէջ երեք հայ երիտասարդներ զոհուեցան, մինչեւ տասի չափ հայորդիներ վիրաւորուեցան: Սայս բոլորին հետ զուգընթաց եւ Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Հալէպէն հեռանալու փափաքի մը մասին ձայնը սկսաւ լսելի դառնալ: Հերթաբար եւ «Արեւելք»ի Ֆէյսպուքեան էջին գրելով փափաք կը յայտնէին դուրրս գալ իրենց սիրելի ծննդավայրէն հաւաստելով, որ իրավիճակը սկսած է դառնալ անտանելի: