Ինչպես հաղորդում է Հալեպի ,,Գանձասարըՙՙ, այսօր, 2 Հոկտեմբեր 2016-ին տեղական աղբիւրներ յայտնեցին, թէ սուրիական բանակը յառաջընթաց արձանագրած է Հալէպի արեւելեան շրջանի հիւսիսային տեղամասերուն մէջ՝ իր ամբողջական հակակշռին տակ առնելով Քընտի հիւանդանոցի տարածքն ու Շըքէյէֆի գործարանները։