Ի տես Հալէպի հայաբնակ շրջաններու վրայ ներկայիս սաստկացող յարձակումներուն, որոնց հետեւանքով սեպտեմբեր 30, 2016ին զոհ գացին հինգ հայորդիներ, Հայ Օգնութեան Միութիւնը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ արդէն իսկ վիրաւոր գաղութի մը, որուն փրկութիւնը անհրաժեշտ է հայութեան համար։