ԵՐԵՒԱՆ.–Ասպարեզ. - 28 Սեպտեմբերին «Արմէնփրէս»ի մամլոյ սրահին մէջ Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնի վարչութեան նախագահ Քեն Խաչիկեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու՝ վերոյիշեալ կեդրոնի վարչութեան անդամ Կիրօ Մանոյեան տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին յայտարարեցին Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնի հաստատման մասին։ Անոնք հաստատեցին, որ կեդրոնը պիտի գործէ ի շահ հանրութեան, անոր նպատակն է յարատեւ լուծումներ գտնել Հայոց Ցեղասպանութեան տակաւին շարունակուող համաշխարհային, ազգային, համայնքային եւ անհատական հետեւանքներուն վերաբերող՝ այսպիսով Հայոց Ցեղասպանութեան հարցերուն առնչուած իրաւական գործընթացները տեղափոխելով նոր մակարդակ։