Արեւելք.-Երուսաղէմի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուած համերգի ընթացքին հրէական ծայրայեղ «Լեհավա» կազմակերպութեան անդամներ յարձակած են Սրբոց Յակոբեանց վանքի «Ժառանգաւորաց» երգչախումբի անդամներուն վրա՝ վանկարկելով «Հրեաներին սպանողներ» և «Վերադարձեք Սիրիա»: Անոնց առաջնորդ Պենցի Կոփշթէյն եւ մեկ այլ անդամ կալանաւորուած են: Դէպքը տեղի ունեցած է անցեալ հինգշաբթի երեկոյեան, եւ հայ սաները այդ դատապարտելի դէպքէն ետք հեռացած են վայրէն: