Համացանցային Keghart.com-ն ալ անցաւ պատմութեան գիրկը։ Ան հերոսի նման գլուխը բարձր մտաւ հայ մամուլի պատմութեան տարեգրութեան մէջ, որպէս անկախ, ոչ-յանձնառու եւ հետազօտական լրագրութեան պատկանող կայքէջային պարբերաթերթ մը։ Ան շիջեցաւ ի վերջոյ՝ մինչեւ վերջին թիւը մնալով իր արհեստավարժական բարձրութեան վրայ՝ բոցավառ արեւի մը մայրամուտի շողերուն պէս փայլատակելով մեր լրագրութեան երկնակամարին վրայ։