ՀՀ Յատուկ Քննչական Ծառայութիւնը (ՅՔԾ) կը շարունակէ զինեալ խումբին կողմէ Յուլիս 17-ին ՀՀ ոստիկանութեան Երեւանի պարեկապահակային ծառայութեան (ՊՊԾ) գունդի վարչական շէնքերուն ու յարակից տարածքի գրաւման առընչութեամբ յարուցուած ոճրային գործի նախաքննութիւնը: