Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times
Այս տարի, Հայկական Ուսմանց Ծրագիրը իր առաջին ձեռնարկը ունեցաւ Լոնտոնէն դուրս՝ Պրիւքսէլի Հայ Գաղութային Կեդրոնին մէջ։ Բացման իր խօսքին մէջ, Ծրագիրի վարիչ տոքթ. Գրիգոր Մոսկոֆեան brussel dasaxosutuin 2016ուրախութեամբ նշեց, որ պատմական օր մըն էր Ծրագիրին համար, նոր էջի մը բացումով, որ կ՚ենթադրէր անոր գործունէութեան ծաւալումը եւրոպական ցամաքամասի վրայ։ Տոքթ. Մոսկոֆեան ներկայացուց Հայկական Ուսմանց Ծրագիրը կարգ մը մանրամասներով, յայտնելով, թէ անոր առաջին նպատակը արեւմտահայերէնի ուսուցումն էր, իսկ երկրորդը՝ հայագիտութեան տարածումը ակադեմական շրջանակներու մէջ, թէ՛ Լոնտոն եւ թէ՛ եւրոպական այլ քաղաքներ։ Տոքթ. Մոսկոֆեան յատկապէս նշեց, որ Ծրագիրը որեւէ քաղաքական նպատակ չի հետապնդեր, այլ կ՚առաջադրէ հայ մշակոյթը պահպանել ու տարածել ակադեմական միջավայրին մէջ։ Այնուհետեւ, ան ներկայացուց օրուան բանախօս Վազգէն Խաչիկ Դաւիթեանը՝ արուեստի պատմութեան տոքթորայի թեկնածու (Birkbeck College, University of London), որ առաջին անգամ ըլլալով արեւմտահայերէն պիտի խօսէր։ Վ. Դաւիթեանի գիտական հետազօտութիւնը կապուած է հայ արուեստի ժառանգութեան հետ. անոր տոքթորական աւարտաճառին նիւթը ուշ ԺԹ. դարու իրապաշտութեան եւ Օսմանեան կայսրութեան հայ արուեստագէտներու յարաբերութիւնն է։ Տոքթ. Մոսկոֆեան իր բացման խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով Հայ Մշակութային Կեդրոնի տնօրէն Անտրէ Կիւմիւշճեանին, ինչպէս եւ անոր բոլոր անդամներուն, ներառեալ Սարին Ասլանեանին եւ Մովսէս Տէր Գէորգեանին, որոնք հայերէնէ ֆրանսերէն զուգահեռ թարգմանութիւնը կատարեցին։ Ան նաեւ իր յատուկ գնահատանքը արտայայտեց Կեդրոնի անդամ Շողեր Մարկոսեանին, որուն շնորհիւ տեղի կ՚ունենար ձեռնարկը։