Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times
Ruminia Jirayr CholakyanԱրդէն շաբաթ մը անցաւ «Սասնայ ծռեր»-ու կողմէ ոստիկանատան գրաւման վրայէն։ Ծայր աստիճան զգայացունց դէպքերով լի շաբաթ մը, որոնց գլխաւորը զինեալներուն կողմէ պատանդներու ազատ արձակումն էր։ Շատերու մտքին մէջ պատանդները գրաւականն էին իշխանութեան վրայ ճնշում բանեցնելու։ Սակայն «Սասնայ ծռեր» խմբակին տրամաբանութիւնը կը մնայ ազատամարտիկային՝ վեհանձն ու անձնուրաց, ոչ ահաբեկչային։ Անոնք նախընտրեցին մամուլի հարթակի ստեղծումը, պատանդներու արձակման դիմաց։