ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– 25 երկիրներէ 60 ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովէն ետք, 12 Մայիսին Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս տուին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արսէն Համբարձումեան։