ՆԻԿՈՍԻԱ-ՕՐԵՐ- Չորեքշաբթի, 27 Ապրիլ 2016-ին, Համազգայինի Կիպրոսի Օշական Մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Հ․Ե․Մ․-Հ․Մ․Ը․Մ․-ի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ գրական եւ մշակութային երեկոյ մը, որու ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Ռուբէն Նահապետեան ներկայացնելով նկարիչ Էտկար Շահինի կեանքն ու արուեստի աշխարհէն ներս անոր ունեցած նշանակալի աւանդը։