Հայկական աւանդական երեք կուսակցութիւններու՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կիպրոսի միաւորներու նախաձեռնաութեամբ, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27-ին, տեղի ունեցաւ պաշտօնական մամլոյ ասուլիս մը՝ ճշգրիտ կերպով ներկայացնելու համար Արցախի հայութեան գոյավիճակին սպառնացող ոճրային նորագոյն արարքները եւ անոնց ազերի հեղինակներուն բռնատիրական ակնյայտ միտումները։