Մինչ Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մնայուն Խորհուրդն ու Մինսքի խումբը Արցախի նուիրուած յատուկ ժողով կը գումարէին, Վիեննայի մէջ ապրող բազմահարիւր հայորդիներ, ԵԱՀԿ-ի կեդրոնատեղիին դիմաց, իրենց մասնակցութիւնը բերին Արցախի զօրակցութեան նուիրուած հաւաքին։Ցուցարարները, Հայաստանի ու Արցախի դրօշները բարձր պահած, դատապարտեցին վերջին օրերուն Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած յարձակումներն ու գործուած ոճրագործութիւնները, զօրակցութիւն յայտնեցին Արցախին ու հայոց բանակին, ինչպէս նաեւ իրենց ձայնը լսելի դարձուցին ԵԱՀԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ հաւաքուած միջազգային դիւանագէտներուն։