Մեր ընթերցողներուն կը յիշեցնենք, որ այս գիշեր ժամերը կը փոխուին, եւ հաւանաբար շատեր մոռնալով վաղը պիտի շուարին Զատկուան արարողութիւններու եւ պատարագի ժամը։ Ինչպէս ամէն տարի, Մարտի վերջին շաբաթավերջը աւելի կարճ պիտի ըլլայ միւսներէն, որովհետեւ Շաբաթէն Կիրակի լուսցող գիշերը ամառնային ժամանակացոյցի կ՚անցնինք։ Առաւօտեան ժամը 2-ին ժամացոյցի սլաքը պիտի յառաջացնենք ժամը 3-ի։ Եթէ Շաբաթ գիշեր չէք փոխած ձեր ժամերը, երբ Կիրակի առաւօտ արթննաք ժամը 9-ին, արդէն պիտի նկատէք ժամը 10։