«Le Progrès» թերթը Մարտ 19ի իր թիւով վերոնշեալ խորագրին տակ կը գրէ, թէ մինչ ֆրանսական Եկեղեցւոյ Լիոնի թեմը մանկամոլութեան ծանրակշիռ պնդումներ կը դիմագրաւէ այս օրերուն, այլ գայթակղութիւն մըն ալ ի յայտ եկաւ Հայց. Եկեղեցիէն ներս: Եւ խօսքը կը վերաբերի Դաւիթ Արք. Սահակեանին, որու վախճանման լուրն ալ առջի օր տուինք թերթիս սիւնակներուն մէջ: