Արդէն երրորդ տարին ըլլալով Հինգշաբթի Յունուար 28ի երեկոյեան Փարիզի 8րդ թաղամասի «Collectionneur» պանդոկի շքեղ սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) ընթրիքը, շուրջ 350 հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ։ Ձեռնարկը կը հովանաւորէր նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ, որ յաջորդական կերպով, երկրորդ տարին ըլլալով, ներկայ կը գտնուէր ճաշին։ Հոն էին նաեւ՝ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, Արցախի հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, հայ գաղութի զանազան միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ, ներկայացուցիչներ, հայ երեք յարանուանութեանց պետերը, ֆրանսական քաղաքական դէմքեր, քաղաքապետներ, երեսփոխաններ, մշակութային դէմքեր, որոնցմէ յատկապէս պէտք է յիշել՝ Ժան-Փիէր Գոսթան, որ եղած է Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Ատեանի նախկին նախագահը, Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկօն եւ առաջին անգամ ըլլալով՝ Փիէր Կաթթազը, ՄԷՏԷՖ-ի՝ Ֆրանսայի մեծագոյն գործատէրերու արհմիութեան նախագահը։
Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) տարեկան ընթրիքը՝ նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի ներկայութեամբ
Typography
- Smaller Small Medium Big Bigger
- Default Helvetica Segoe Georgia Times
- Reading Mode