ՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ, «Ակօս», «Նիուզ».- Երեքշաբթի, Յունուար 19ին, Հրանդ Տինքի սպանութեան 9րդ տարելիցին, Տինքի յիշատակը վառ պահելու համար հաւաքուած հազարաւոր քաղաքացիներ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին անհանդուրժողութեան զոհին՝ անոր հիմնած եւ խմբագրած «Ակօս» թերթի շէնքին դիմաց, ուր ան 9 տարի առաջ սպաննուեցաւ։