Ի յիշատակ Շաւարշ եւ Արփիկ Միսաքեանի Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան Սուրբ Ղազար վանքին մէջ Յունուար 6ին տեղի ունեցաւ բացումը Շաւարշ եւ Արփիկ Միսաքեանի նուիրուած ցուցահանդէսին, ներկայութեան Վենետիկի զանազան շրջաններէն շուրջ 150 Իտալահայերու, միաբաններու, Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան՝ Սարգիս Ղազարեանի, նախագահութեամբ Միաբանութեան վանահայր՝ Հ. Եղիա Վրդ. Քիլաղպեանի։