Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէր որոշած է իր արխիւը յանձնել «Տողուշ» շինարարական խմբակին։ Այս իրադարձութիւնը լայն արձագանգ գտած է թրքական մամուլին մօտ, ուր կը շեշտուի, թէ մեծանուն վարպետին արխիւը կ՚արժէ շուրջ 3 միլիոն եւրօ: Արա Կուլէր փափաքած է, որ իր լուսանկարները ներկայացուին իր անունը կրող թանգարանի մը մէջ: Կ՚ըսուի, թէ «Տողուշ» խմբակի ղեկավար Ֆերիթ Շահէնքի յամառ ջանքերուն շնորհիւ գոյացած է այս համաձայնութիւնը։ Գործակցութեան ու գործընկերութեան համաձայնութեան մը ձեւաչափին մէջ, մտային ու գեղարուեստական գործերու օրէնսդրութեան տրամադրութիւններուն համաձայն, Արա Կիւլէր իր իսկ արխիւին բոլոր իրաւունքները պիտի յանձնէ նոր ստեղծուելիք ընկերութեան։ Միեւնոյն ժամանակ, ան 40 տոկոս շահաբաժին պիտի ունենայ այդ նոր ստեղծուելիք ընկերութեան մէջ։