Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 18ին, Փարիզի Հայ Մշակոյթի Տան «Տէմիրեան» սրահը փութացած էին շուրջ 50 անձեր, ուր ելոյթ կ՚ունենար եւ իր վաւերագրական երեք ժապաւէնները կը ցուցադրէր պուլկարացի լրագրողուհի Ցվեթանա Փասքալեւա, որ աւելի քան 25 տարիներէ ի վեր արցախեան արդար դատին պաշտպանը կը հանդիսանայ եւ միջազգային հանրութեան կը ներկայացնէ Ղարաբաղցիներուն պայքարը եւ ազատ ապրելու անոնց կամքը։ Ներկայ էր եւ ձեռնարկը կը հովանաւորէր Ֆրանսայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան։