Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times
gulbenkian 4Ինչպես հաղորդում է ՚Նոր Յառաջը՚, ՙՍկսած է գործել Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմին պաշտօնական կայքէջը՝ http://www.diocesearmenien.fr հասցէով: Հոն կարելի է գտնել զանազան նիւթեր, ինչպէս Ֆրանսայի տարբեր ծուխերուն վերաբերող լուրեր, Ֆրանսայի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ ծրագիրներուն եւ գործունէութիւններուն մասին տեղեկութիւններ, կրօնական կարեւորագոյն արարողութիւններու օրացոյցը, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մանրամասն պատմութիւնը, անոր դաւանաբանութեան մասին բացատրութիւններ, աղօթքներ, եւլն., եւլն.: Թեմակալ առաջնորդի գրասենեակը կը յայտնէ, թէ սիրով կ՚ընդունի կայքէջի մասին թելադրանքներ եւ առաջարկներ, զորս կարելի է յղել Այս էլ-փոստի հասցեն ծածկագրված է թափոնափոստի բոթերից։ Այն տեսնելու համար անհրաժեշտ է միացնել JavaScript։ հասցէին:Կ՚ըսուի նաեւ թէ ել-գիրի այս նոր հասցէն կը փոխարինէ նախորդը եւ այսուհետեւ միայն այս հասցէին պէտք է գրել: