ԳՈՀԱՐի աւանդավէպը սկսաւ հիւսուիլ թուականէս շուրջ 20 տարիներ առաջ, երբ 1996 թուականին Տիկին Գոհար Խաչատուրեան այցելեց Հայաստանի հիւսիսային շրջանները, որոնք 1988ի աւերիչ երկրաշարժին պատճառով ենթարկուած էին քանդումի: Տեսնելով շրջանի ժողովուրդին ահաւոր թշուառ վիճակը, ազնուասիրտ հայուհին որոշեց աշխատանքի նոր առիթներ և եկամուտի աղբիւրներ ստեղծել անոնց համար: Այդպիսով անօթևան մնացածները դուրս պիտի գային իրենց թշուառութենէն, պիտի ունենային բնակարաններ, ապահովութիւն և յոյս, գեղատեսիլ շրջապատ ու միջավայր՝ երկրաշարժէն կործանած շրջանին կեդրոնը հանդիսացող Գիւմրի քաղաքին մէջ: