(ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբ) Սթրազպուրկ, 15 հոկտեմբեր, 2015.- Այսօր, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը վճիռ կայացուց Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիա հարցին շուրջ, ուր նշեց, թէ թուրք ազգայնական Տողու Փերինչեքի խօսքի ազատութիւնը կաշկանդումի ենթարկուած է, երբ ան Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող յայտարարութիւններ կատարած է Զուիցերիոյ մէջ: