ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները յայտարարութիւն մը տարածած են՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Ատպէյճանի անոր պաշտօնակից Էլմար Մամետեարովի հետ առանձին հանդիպումներու, ինչպէս նաեւ միացեալ հանդիպումներու արդիւնքներուն մասին, նշելով, որ արտաքին գործոց նախարարները համաձայնած են ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հետ շարունակել նախագահական յաջորդ հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքները: Երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ հանդիպում մը կ՛ակնկալուի մինչեւ այս տարեվերջ. այս մասին նշած են համանախագահները։