“Հայաստանի մէջ կը գործէ այնպիսի համակարգ մը, որ ո՛չ թէ կ՚աջակցի փոքր եւ միջին չափերու գործարարութեան յաջողութեան, այլ ընդհակառակն՝ կը նպաստէ անոնց սնանկութեան եւ ատոր համար պայման չէ մարդկային գործօնը կամ ոեւէ պաշտօնեայի դիրքի չարաշահումը”, նման եզրակացութեան յանգած է ամերիկացի գործարար Տէյվիտ Պէքէթ, որ երեք տարի առաջ Հայաստանի մէջ փոքր գործարարութիւն հաստատած է։ Ենթական «The Green Bean» սրճարանի հիմնադիրներէն եւ սեփականատէրերէն մէկն է։