Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times
selina doghanԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան խորհրդարանի նորընտիր հայ անդամ Սելինա Տողան պաշտօնապէս ստացած է պատգամաւորական լիազօրութիւնը, որմէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Տողան փափաք յայտնած է մօտիկ ապագային տեսնել ոչ միայն հայ պատգամաւորներ, այլ նաեւ ասորի դատաւոր, հրեայ գնդապետ ու փոքրամասնութեան անդամ այլ ներկայացուցիչներ, տարբեր ոլորտներու պատասխանատու պաշտօններու վրայ: