Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times

Երկուշաբթի՝ 21 Մարտ 2022-ին, Մոնթրէալի քաղաքապետական խորհուրդը, մասնաւոր  նիստի ընթացքին, յատուկ բանաձեւ ընդունեց` Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին առիթով, վերահաստատելով Մոնթրէալի քաղաքապետութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու դիրքորոշումը:

Բանաձեւը յստակօրէն կը նշէ, որ 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր:

Յիշենք, որ յատուկ նիստին մասնակցած են Մոնթրէալի քաղաքապետ՝ Վալերի Փլանթը եւ քաղաքապետական խորհուրդին մէջ ներկայացուած քաղաքական կուսակցութիւններն ու խմբաւորումները: Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին առիթով ներկայացուած յատուկ բանաձեւի քննարկման ընթացքին ելոյթ ունեցած են՝ քաղաքապետական խորհուրդի հայազգի անդամներ Վանա Նազարեանն ու Մարի Տերոսը, ինչպէս նաեւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Էմիլի Թուլիէն, Էֆի Ճիանուն եւ Քրեկ Սովէն, որոնք նշած են Մոնթրէալի քաղաքապետութեան կողմէ աւանդութիւն դարձած Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման կարեւորութիւնը:

Աւարտին նշենք, որ Մոնթրէալի քաղաքապետութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին առաջին բանաձեւը որդեգրած էր 1997 թուականին:

 

 http://abakanews.org