Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Դումանեան 24 Յունուարին ընդունեց իրանահայ յօրինող, խմբավար Լորիս Ճգնաւորեանը։

«Երաժշտական արուեստում ձեր հեղինակած ժառանգութիւնն ու աւանդը անգնահատելի են բոլորիս համար: Ուրախ եմ հայրենիքում ձեզ կրկին տեսնելու համար: Յոյս ունեմ` կը կարողանանք համատեղ ծրագրեր նախաձեռնել», ըսաւ Վահրամ Դումանեան:

Նախարարը հետաքրքրուեցաւ Ճգնաւորեանի գործունէութեամբ, ընթացիկ աշխատանքներով: «Աշխատանքը կեանքը քաղցրացնում է», յայտնեց ան՝ տեղեկացնելով, որ վերջին 2 տարիներուն ընթացքին հեղինակեց առաւել քան 40 գործեր. երկու մեծ ստեղծագործութիւններ նուիրեց Արցախեան 44օրեայ պատերազմի զոհերու յիշատակին, իսկ վերջին գործը ռեքուիեմ է` ի յիշատակ «Քորոնա»ի զոհերուն: Լորիս Ճգնաւորեան նշեց, որ ամէն անգամ մեծ սիրով եւ սպասումով կու գայ Հայաստան։ «Հայրենիքի հետ ինձ կապում են նաեւ ամենախենթ յիշողութիւնները», ըսաւ ան:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան համատեղ նախաձեռնութիւններու, ծրագիրներու մշակման եւ իրականացման, Լորիս Ճգնաւորեանի նոր ստեղծագործութիւնները հայրենիքի մէջ ներկայացնելու կարելիութիւնները եւ հեռանկարները:

Վահրամ Դումանեան Ճգնաւորեանը հրաւիրեց «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ տեղի ունենալիք «Հերոսներին. 44» խորագիրով համերգին, որ նուիրուած է 44օրեայ պատերազմի հերոսներու յիշատակին: