Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times
 
(21 Յունուար 1878- 4 Ապրիլ 1945)
 
Ծնած է ,21 Յունուար 1878 թուականին Իսթանպուլ- Օրթագիւղ թաղամասի մէջ։ նախնական կրթութիւնն ստացած է ծննդավայրը Իսթանպուլի Ներսիսեան,Պերպերեան ,Կեդրոնական հայոց վարժարանի մէջ: 1896 թ. որպես առևտրական պաշտոնեայ կը մեկնի Եվրոպա, եւ կը հաստատուի Եգիպտոս։ Կ՛աշխատակցի արևմտահայ պարբերականներուն մէջ, իսկ 1905 թուակնին կը հիմնադրէ «Շիրակ» պարբերականը ։
Օսմանեան Կայսրութեան Համիտեան բռնակալութեան անկումէն յետոյ «Շիրակը» պարբերաթերթը կը տեղափոխուի Իսթանպուլ : Թէքեան կը հաստատուի Իսթանպուլի մէջ ու կը մասնակցի հայ ազգային ու հասարական կեանքի իրադարձութիւններուն: 1914 թ. կրկին կը մեկնի Եգիպտոս եւ կարճ ատենէ մը վերջ, դարձեալ կը վերադառնայ Իսթանպուլ եւ կը խմբագրէ «Ժողովուրդի ձայն» օրաթերթը, ապա կ՛ստանձնէ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը։
Պո­լիս վե­րա­դար­ձը ­Թէ­քէեա­նի առ­ջեւ լայն աս­պա­րէզ բա­ցաւ ոչ միայն գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քի, այ­լեւ քա­ղա­քա­կան իր հա­մո­զում­նե­րուն ուղ­ղու­թեամբ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լե­լու ա­ռու­մով։ Ա­կա­նա­տե­սը դար­ձաւ Ա­տա­նա­յի կո­տո­րա­ծին, որ խոր հետք ձգեց ­Թէ­քէեա­նի «­Հա­յեր­գու­թիւն» շար­քի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րուն վրայ։ Ան նաեւ ե­ղաւ հիմ­նա­դիր ան­դամ­նե­րէն մէ­կը ­Հայ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան-Ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան (հե­տա­գա­յին՝ 1920ին կազ­մո­ւած ­Ռամ­կա­վար Ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­կա­րա­պետ­նե­րէն), որ աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ Օս­մա­նեան ­Խորհր­դա­րա­նի աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ։
Հայ ազգային-քաղաքական կեանքին բերած է գործօն ծառայութիւն, նախ Վերակազմեալ Հնչակեան, ապա Սահմանադրական Ռամկավար եւ վերջապէս, իր նախագահութեամբ, անոնց միաձուլումով`Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւններու կազմաւորման մէջ։
Քաղաքական կեանքի պատճառներով ստիպուեցաւ կրկին ապաստան գտնել Եգիպտոսի մէջ, ուր մինչև կեանքի վերջը կը խմբագէ «Արեւ» օրաթերթը։
Վահան Թէքէեան  հայ ժամանակակից գրականութեան խոշորագոյն դէմքերէն մին կը հանդիսանայ։
Իր բանաստեղծական խորաթափանց ստեղծագործութիւնները հրատարակուած են հետեւալ թուականներուն:
1901 թուականին Փարիզի մէջ կը հրատակուի իր առաջին հաւաքածոն "Հոգիները", 1914 ին կը հրատակուի "Հրաշալի Յարութիւն",1920 ին "Կէս գիշերէն մինչեւ Արշալոյս",1933 ին "Սէր", 1943 ին "Հայերգութիւն" եւ  «Տաղարան» հատորներուն մէջ։
Թէքէեան ոչ միայն բանաստեղծութիւններու հեղինակ է, այլ գրած է  նաեւ պատմուածքներ,գաղութահայ կեանքի ու ազգային-ազատագրական շարժումներու մասին յօդուածներ: Անոր գրիչէն դուրս եկած է, փիլիսոբայական միտքեր ու անարդարութեան դէմ ձայներ:
Թէքէեան թարգմանած է նաեւ  օտար գրողներու , ինչպէսին  Շէքսպիրի,Վիքտօր Հիւկոյի, Օսքար Ուայտի եւ շատ մը ուրիշներու արժէքաւոր գործերը:
Մահացաւ 4 Ապրիլ1945 թուականին Եգիպտոս եւ թաղուեցաւ, Գահիրէի հայկական գերեզմանատան մէջ։
Վահան Թէքէեանի ստեղծագործութիւնները ,Հայ բանաստեղծութեան հարուստ աշխարհի մէջ ունին իրենց ուրոյն ու չքնաղ տեղը :
Թէքէեանի գործերը ռոմանդիզմի իւրօրինակ համադրութիւն մըն է:Ան ոչ միայն բանաստեղծութիւններու հեղինակ է այլ նաեւ գրած է ,հայ գաղութային կեանքի ու ազգային -ազատագրական շարժումներու մասին պատմուածքներ ,ճանապարագրքւթիւններ,յօդուածներ:Անոր գրիչը, փիլիսոփայական միտքը մը ունէր .Թէքէեան թարգմանաց է նաեւ Շէքսպիրի,Վիքթօր Հիւկոյի,Օսքար Վալտի գործերը.
Թէքէեան դարձաւ հայ ժողովուրդի ճակատագրի գլխաւոր երգիչը: Տարգրութեան տարիներուն մեծ եղաւ անոր ներդրումը ,նաեւ նորահաս սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան ,ինչպէս նաեւ մշակութային աշխոյժ կեանքի ստեցծաման մէջ:
Իր մահէն երկու տարի ետք1947 ին , իր գաղափարի ընկերներն ու աշակերտները իր անունով հիմնած են Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը Պէյրութի մէջ, որը բազմաթիւ երկիրներու մէջ մասնաճիւղեր ունի ու  կը տարածէ սփիւռքահայութեան մէջ հայ մշակոյթը:
Վահան Թէքէեան ամբողջ հայութեան հոգեմտաւոր հարստութեան մաս կը կազմէ եւ ազգային հպարտութիւն մըն է.
Վահան Թէքէեան  1916  ին, կուսակցական հակամարտութեան մը հետեւանքով կ'ենթարկուի յարձակումի մը և կը կորսունցնէ աչքերէն մէկու լոյսը ու կը գրէ "Մէկ Հատիկս" խորագրեալ բանաստեղծութիւնը:
Անոր անունով կնքուած է Հայ կրթական ու մշակութային միութիւններ:
Փառք ու պատիւ մեծ բանաստեղծին, անոր ծննդեան 144 -  ամեակին առիթով,Վահան Թէքէեան անունը անմար պիտի մնայ հայ ժողովուրդին միտքին ու սիրտին մէջ:
Տօքթ.Սարգիս Ատամ
 
ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ
Եկեղեցին Հայկական, ծննդավայրն է հոգւոյս,
Ինչպէս քարայր մ'ընդարձակ, պարզ ու խորհուրդ , մութ ու լոյս ,
Իր գաւիթովն հիւրընկալ, իր լայն բեմով, ու հեռուն ,
Կանգնած իր լուռ խորանով, որ կարծես նաւ մ' է ծըփուն . . :
 
Եկեղեցին Հայկական, եսաչքըս գոց կը տեսնեմ,
Ու կը շնչեմ, կըլսեմ՝, իր Յիսուսով մանկադէմ,
Իր սեղանէն մխացող , գուլայ – գուլայ խունկերով ,
Եւ իր պատերը ցնցող աղօթքներով ալեխռով . . . :
 
Եկեղեցին Հայկական բարձըր բե՛րդն է հաւատքին
Իմ պապերուս՝ որ, հողէն զայն քար առ քար հանեցին
Եւ երկինքէն իջուցին զայն ցօղ առ ցօղ , ամպ առ ամպ
Ու թաղուեցան անոր մէջ հանդարտութեամբ, հեզութեամբ . . . :
 
Եկեղեցին Հայկական մեծ վարագոյր մ' է բանուած,
Որուն ետեւ , սըկիհին մէջ, կ' իջնէ ի՛նքը Աստուած,
Որուն առջեւ՝ գլխահակ կու գայ իմ ազգըս ամբողջ
Հաղորդուիլ անցեալին հաց ու գինւով կենսառողջ :
 
Եկեղեցին Հայկական՝ ծովուն դիմաց ալեկոծ
Նաւահանգիստ մ' է խաղաղ , ցուրտ գիշերին՝ հուրու բոց,
Ու տօթակէզ ցերեկին անտառ մըն է ստուերոտ՝
Ուր շուշաններ կը ծաղկին Շարականի գետին մօտ :
 
Եկեղեցին Հայկական մէն մի քարին տակ գետնի
Դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի.
Եկեղեցին Հայկական հայ հոգիին եւ մարմնոյն
Զըրահանդերձն է փայլուն՝ մինչ իր խաչերն են դաշոյն
Եւ զանգակներն են բոմբի՛ւն, եւ երգերն է միշտ յաղթութիւն
Վահան Թեքէեան
 
ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐ
(Վահան Թէքէեան)
 
Հաշուեյարդար. ի՜նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.
Ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ, ա՛յն մնաց.
Խանդաղատանք մը ծածուկ, օրհնութիւններ անիմաց,
Երբեմն հատնումը սրտիս ու մերթ արցունք մը անձայն...:
 
Ինչ որ գնաց ուրիշին՝ վերադարձաւ անուշցած
Ու զօրացած՝ հոգիիս մէջ մնալու յաւիտեան.
Ինչ որ տարաւ Սէրն ինծմէ՝ չկորսնցուց զայն Աստուած,
Տուաւ ինձ ետ ու ըրաւ կեանքս անով միշտ բուրեան...:
 
Եւ այժմ, ո՛վ Տէր, հակառակ իմ տանջանքիս, հակառակ
Ինծի համար սա՛ չորցած երջանկութեան աղբիւրին.
Հին գինիով յորդաբուխ ես կ'արբենա՜մ տակաւին...:
Ու չեմ ըսեր «ի՞նչ մնաց...»: Ի՞նչ մնաց հողին տակ
Եղէգներէն դիւրաթէք, կաղնիներէն հաստաբուն,
Արեւն ըմպած ըլլալու մխիթարանքը անհուն:
1926-Վահան Թէքէեան
 
Կը ներկայացնենք Վահան Թէքէեանի յայտնի քերթուածներէն «Մէկ Հատիկս» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը, զոր գրի առած է 1916 ֊ին Եգիպտոսի մէջ, կուսակցական հակամարտութեան մը պահուն ենթարկուած յարձակումի հետեւանքով իր աչքերէն մէկուն  լոյսը կորսունցնելէ ետք:
 
Մէկ Հատիկս
 
Իմ մէկ հատի՜կըս հիմա, որ կը դիտես զիս վհատ,
Հայելիին ջըրհորէն,
Քեզի նըման ու քեզմով կը նայիմ ես ալ վըրադ
Երկարօրէն, ծանրօրէն...:
 
 
 
Ե՞ս արդեօք քեզ, թէ դուն զիս կը մեղքընանք աւելի՛
Երբ զիրար լուռ կը դիտենք...
Քովըդ եղբայրդ է մեռած, քու հին ընկե՛րըդ  լոյսի՝
Զոր դեռ այսօր կ'ողբանք մենք:
 
 
 
Նոր զարնըւած էր երբոր գիշեր մ'երազըս տեսայ՝
Թէ մութին մէջ, հեւ ի հեւ,
Կը քաշէի կարասի փոխադրող կառք մը հսկայ՝
Քովըս շուքի մը հետ սեւ,
 
 
 
Որուն յաճախ կ'ըսէի անձկութիւնով ու վախով,
«-Ընկե՛ր, լաւ չեմ տեսներ ես,
Դուն կը տեսնե՞ս...» ու թէեւ կը քալէինք քովէ քով՝
Բայց ձայն չըկա՜ր ընկերէս:
 
 
 
Չէի գիտեր թէ արդէն մեռած էր խեղճն այդ պահուն.
Այնուհետեւ չարթնցա՜ւ,
Չըխօսեցաւ ան երբեք, վերջէն տեսար զինքը դուն,
Ան չըտեսա՛ւ քեզ բընաւ...:
 
 
 
Հայելիին ջրհորէն մինչ կը նայիս դուն ինծի,
Ու կը նայիմ ես իր մէջ,
Կը նշմարեմ՝ ջրամոյն որպէս գըլուխ մը սուրբի,
Անոր ծըփա՜լը անվերջ...:
 
 
 
Իմ մէկ հատի՛կս... օհ, ինչպէ՜ս սիրտըս վըրադ կը դողայ՝
Երբ կը տեսնեմ քեզմով քեզ.
Քու արցունքո՛վըդ քեզի կը պաղատիմ ես հիմա՝
Որ դուն ալ զիս չըլըքես...:
 
Վ.  ԹԷՔԷԵԱՆ
(1925)