Հայ ժողովուրդի հայաստանաբնակ եւ աշխարհասփիւռ հատուածները կ’ապրին իրենց նորագոյն պատմութեան ամենամռայլ եւ ամենադժնդակ ժամանակահատուածը:
Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ծանր պարտութեան հետեւանքով յառաջացած մարդկային ու տարածքային ահաւոր կորուստներուն շարունակաբար կը գումարուին՝ Հայաստանի պետական ինքնիշխանութեան, անվտանգութեան եւ տարածքային անձեռնմխելիութեան խնդիրները, օրըստօրէ խորացող ազգային համատարած ընկճուածութիւնը, անտարբերութիւնը, հիասթափութիւնը եւ ազգի հաւաքական ապագայի նկատմամբ հաւատքի կորուստը:
Պատերազմները եւ ճակատամարտերը բնականաբար կ’ունենան ե՛ւ յաղթողներ ե՛ւ պարտուողներ, ե՛ւ նուաճողներ ե՛ւ նուաճուողներ:
Այս կրկնուող ռազմաքաղաքական հոլովոյթին մէջ էականը սակայն՝ պարտութիւնն անգամ արժանապատւութեամբ դիմագրաւելու եւ նորանոր յաղթանակներ կերտելու հեռանկարը կենսունակ պահելու հրամայականն է, որ շրջադարձային ու բախտորոշ նշանակութիւն կրնայ ունենալ ժողովուրդներու պատմութեան մէջ:
Հայաստանի իրարայաջորդ իշխանութիւններու կողմէ՝ պետական կենսագործութեան բոլոր բնագաւառներու մէջ գիտակցաբար եւ անգիտակցաբար գործուած յանցաւոր եւ կործանարար արարքներուն զուգահեռ, նորանկախ հանրապետութեան մէջ հետեւողականօրէն թիրախաւորուեցան ազգային ինքնութիւնը եւ մարդկային արժանապատւութիւնը:
Քարկոծուեցան եւ վարկաբեկուեցան ազգի մտաւոր եւ հոգեւոր արժէքները, մերժուեցաւ, խեղաթիւրուեցաւ եւ չարաշահուեցաւ ազգային գաղափարախօսութիւնը, արհամարհուեցաւ եւ արժեզրկուեցաւ կրթութիւնը, աղաւաղուեցաւ ազգային մշակոյթը, անվերապահ թոյլատրուեցաւ օտարամուտ եւ կասկածելի այլատեսակ կազմակերպութիւններու կողմէ իրականացուող ապազգային քարոզչութիւնը, անսահմանափակ գործունէութեան դաշտ բացուեցաւ արտաքին գործակալական ցանցերու հակապետական սանձարձակ գործունէութեան դիմաց:
Այս բոլոր հակապետական եւ հակազգային գործունէութիւններու համագումար հետեւանքը հանդիսացաւ՝ հայ մարդու հոգեմտաւոր արժեհամակարգի սասանումը եւ հասարակութեան օտարացումը ազգային վեհ գաղափարներէն ու տեսլականներէն:
Անկախ 44-օրեայ պատերազմի աղէտալի արդիւնքին մէջ դերակատար հանդիսացած աշխարհաքաղաքական գործօններէն եւ հանգամանքներէն, մասնաւորապէս Հայաստանի գործող իշխանութեան պատերազմի նախօրէին, ընթացքին եւ վաղորդայնին գործած ռազմաքաղաքական ահաւոր սխալներէն եւ պայմանաւորուած պարտութեան մասին առկայ հիմնաւոր կասկածներէն, պատերազմի ելքը մասամբ կանխորոշուած էր նաեւ՝ հայ մարդու եւ հասարակութեան զգալի մասի ազգային արժէքներէն եւ տեսլականէն օտարուելու եւ պետանակակերտման գործին անհաղորդ դառնալու պատճառով:
Անտեսելով ազգի ու պետութեան ներկայիս դիմագրաւած օրհասական վիճակը, Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութիւնները, իրենց ձեռքերը լուալով Արցախի Հանրապետութեան գոյութեան եւ անվտանգութեան սպառնացող վտանգներէն ու մարտահրաւէրներէն, լուռ ու մունջ կուլ տալով Ազրպէյճանի ղեկավարութեան Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու գոյութեան ուղղուած գրեթէ ամէնօրեայ սպառնալիքները եւ ոտնձգութիւնները, կասկածելի շտապողականութեամբ այժմ ալ նախաձեռնած են Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան՝ պատճառաբանելով յարաբերութիւններու կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը:
Մինչդեռ, ակնյայտ փաստ է, որ թրքական աշխարհաքաղաքական գործօնի արժեւորման, անոր տարածաշրջանային դերակատարութեան աշխուժացման եւ ծաւալապաշտական ծրագիրներու ու համաթուրանական երազանքներու վերակենդանացման այս հանգրուանին, ի վնաս մեզ ձեւաւորուած աշխարհաքաղաքական իրողութիւններու ներկայ փուլին, թոյլ, տկար եւ աղերսողի դիրքերէն նախաձեռնուած որեւէ տեսակի երկխօսութեան անխուսափելի հետեւանքը պիտի ըլլայ՝ թրքական զինեալ ուժերու գործօն ու որոշիչ մասնակցութեամբ իսկ իրականացուած Արցախեան ռազմական պարտութեան վերածումը՝ԱԶԳԱՅԻՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ:
Բոլորը պէտք է գիտակցին, որ այս առիթով հայկական քաղաքական խօսոյթ ներմուծուած «Խաղաղութեան դարաշրջան»ի իսկական շահառուները օտար շրջանակներ են, իսկ անոնց հայաստանեան դրածոները եւ մունետիկները, նաեւ այդ տեսլականով միամտօրէն ոգեւորուած զանգուածները պէտք է հասկնան, որ հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերու հաշւոյն «ձեռնարկատիրական նախագիծեր»ու (business plan) տրամաբանութեամբ մշակուած եւ հետապնդուած ծրագիրները դատապարտուած են ձախողութեան, ինչքան ալ հզօր եւ ազդեցիկ ըլլան այդ ծրագիրները առաջադրողները ու հովանաւորողները:
Ժողովուրդները չեն կրնար գոյատեւել, կենսագործել եւ հզօրանալ առանց ազգային տեսլականի, ազգի ներուժը համախմբող եւ նպատակասլաց առաջնորդող ազգային գաղափարի, ազգի գերագոյն եւ կենսական շահերը մշտապէս հաշուի առնող իրատեսական ծրագիրի:
Հետեւաբար, մեր ազգային տեսլականը պէտք է խարսխուած ըլլայ երկու հաւասարազօր յենասիւներու վրայ:
Ինքնիշխան Հայաստանի հզօրացում եւ համազգային իղձերու իրականացում:
Այս երկու յենասիւներէն որեւէ մէկու չեղարկումը կամ տապալումը, պիտի գահավիժէ ու կործանէ ազգային տեսլականը ամբողջութեամբ:
Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը, որպէս ազգային - ազատագրական պայքարի ռահվիրայ կազմակերպութիւն, հիմնադրութեան 47-րդ ամեակի առիթով կը վերահաստատէ իր անխախտ յանձնառութիւնը հետապնդելու մեր համազգային իղձերու գերագոյնը՝ Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրումը եւ ամբողջական Հայաստանի կերտումը:
Գիտակցելով հանդերձ աշխարհաքաղաքական առկայ իրողութիւններու անբարենպաստութիւնը, ըմբռնելով ուժերու յարաբերակցութեան տուեալ ժամանակահատուածի անձեռնտուութիւնը, եւ հասկնալով ազգային առաջնահերթութիւններէն բխող հրամայականները, բայց նաեւ, համոզուած ըլլալով աշխարհաքաղաքական իրավիճակներու յարափոփոխութեան եւ Թուրքիոյ արհեստածին պետութեան անխուսափելի կազմաքանդումի հեռանկարին, մեր կազմակերպութիւնը հաւատարիմ իր առաքելութեան, պիտի շարունակէ բարձր ու առկայծ պահել բռնագրաւեալ հայկական հողերու ազատագրութեան ջահը եւ զայն փոխանցել սերունդէ սերունդ:
Յարգանք՝ ազգային - ազատագրական պայքարի ճանապարհին նահատակուած ու զոհուած բոլոր ընկերներուն:
Յարգանք՝ Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններու պաշտպանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան համար նահատակուած բոլոր հայորդիներուն:
Կեցցէ՛ն Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնները:
Կեցցէ՛ Միացեալ եւ Ամբողջական Հայաստանը :
Յաղթանակը մերն է:
20 Յունուար 2022
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ
Բովանդակ Հայաստանի Քաղաքական Ղեկավարութիւն