ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը յառաջիկայ օրերուն գործնական փուլ պիտի թեւակոխէ։ Արդէն յայտնի դարձած է Անգարայի եւ Երեւանի կողմէ նշանակուած յատուկ ներկայացուցիչներուն՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի առաջին ժամադրութեան թուականը։
14 Յունուարին, Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ անոնց առաջին տեսակցութիւնը, ինչ որ պաշտօնապէս հաստատուած է երկու մայրաքաղաքներուն կողմէ։
Մինչ այդ, այս հանդիպման ընդառաջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու հեռաձայնային զրոյցներ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն՝ քննարկուած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը, իսկ Չաւուշօղլու Լաւրովի հետ քննարկած է նաեւ «3+3» ձեւաչափի ընթացքը։
Իր հերթին ԱՄՆ Ասպարեզ օրաթերթը տեղեկացնում է, որ ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏեն հանդես է եկել հայտարարությամբ։
Վերջին շաբաթներուն, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման միտող ճիգերու աշխուժութիւն մը սկսած ենք նկատել: Այս ճիգերը կը «քաջալերուին», չըսելու համար կը պարտադրուին, Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի կողմէ, մինչ պարզ է, որ Թուրքիա շարք մը հարցերու շուրջ իր բանակցային ռազմավարութիւնը համակարգած է Ատրպէյճանի հետ:
Սակայն, մինչ Հայաստան եւ իր ղեկավարութիւնը կը յայտնեն, որ Երեւան երկխօսութեան պիտի մասնակցի առանց նախապայմաններու՝ ակնկալելով նոյնանման մօտեցում Թուրքիայէն, հակուած ենք հակառակը սպասելու Անգարայէն:
Թուրքիոյ պաշտօնատարները՝ նախագահէն եւ ներքեւ, բազմիցս դիմած են Հայաստանին՝ ճանչնալու Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը՝ ներառեալ Արցախը՝ իբրեւ Ատրպէյճանի մէկ մասը: Վերջերս, նոյն այս պաշտօնատարները սկսած են Հայաստանէն պահանջելու նաեւ, որ համաձայնութիւն տայ Պաքուի նենգ ծրագիրին՝ ստեղծելու փոխադրական միջանցք մը, որ Ատրպէյճանը պիտի կապէ Նախիջեւանին եւ Թուրքիոյ՝ Հայաստանէն անցնելով այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքը»:
Տակաւին անցեալ շաբաթ, Թուրքիոյ նախագահական բանբերը խոստացաւ, որ յարաբերութիւններու բնականոնցման ներկայ ճիգերուն իբրեւ արդիւնք՝ բոլորովին պիտի քանդուի Ամերիկայի հայ համայնքը, որովհետեւ «այն հիմքերը, որոնց վրայ Սփիւռքը կառուցած է իր բոլոր բանավէճերը՝ փուլ գալու վրայ են»: Այս մէկը, անշուշտ, կ՛ակնարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան արդարահատուցման ուղիին վրայ մեր համայնքին թափած հերոսական ջանքերուն: Բնականոնացման այս գործընթացը, որ հաստատապէս յղի է վտանգներով, շատ աւելի վտանգաւոր է, քան 2009ին, նախագահ Սերժ Սարգսեանի համաձայնութեամբ ստորագրուելիք թուրք-հայկական փրոթոքոլային համաձայնագիրը: Պատճառը շատ պարզ է. Հայաստան պարտուած պետութիւն է այսօր եւ տարրական տրամաբանութիւնը ու Թուրքիոյ դիւանագիտական աւանդոյթները կը թելադրեն, որ Անգարա որեւէ պատճառ չունի մեղմացնելու իր պահանջները, այլ՝ ընդհակառակը: Եւ իսկապէս, քննարկելի շարք մը հարցեր նոյնիսկ կ՛անցնին Հայաստանի կառավարութեան լիազօրութիւններու սահմանը:
- Առաջին. Հայոց Ցեղասպանութեան վաւերականութիւնը եւ անոր արդար հատուցման խնդիրը կարելի չէ որեւէ ձեւով ականահարել:
- Երկրորդ. Արցախին վերաբերող հարցերը, ինչպէս օրինակ՝ անոր վերջնական կարգավիճակի եւ տարածքային խնդիրները, պէտք չէ ներառնուին բնականոնացման այս գործընթացին մէջ, որովհետեւ այս հարցերու լուծումը կ՛իյնայ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեանց մէջ:
- Երրորդ. Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը պէտք չէ վտանգել Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ով, որ Ալիեւի դաւադրական մէկ ծրագիրն է եւ որուն Թուրքիա բոլորովին զօրավիգ կը կանգնի:
Թուրքիոյ կառավարութիւնը եւ նախագահը այդ երկրին վրայ իշխած են պողպատեայ բռունցքով եւ յաճախ դաւաճանած՝ իրենց դաշնակիցները, իրենց ծրագիրները իրականացնելու համար: Նոյն այս անբարեխիղճ կառավարութիւնն է, որ Հայաստանի հետ բանակցութեանց սեղանին պիտի նստի՝ «երկխօսութիւն» մը ստեղծելու համար: Ինչպէս նախապէս ըսած ենք՝ որեւէ առարկութիւն չունինք երկխօսութեան մը, որ տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի շահերը պիտի ապահովէ, սակայն ամբողջովին եւ բուռն կերպով դէմ ենք յանձնուողական որեւէ քայլի:
Կոչ կ՛ընենք Հայաստանի կառավարութեան, որ գործէ չափազանց զգոյշ եւ այս գործընթացը վարէ թափանցիկ ու հաշուետու կերպով, ինչ որ ցարդ չէր պարագան եւ այս բոլորը պահուած էին ծածուկ: Մեր ակնկալութիւնն է նաեւ, որ Հայաստանի քաղաքական այլ ուժեր ըլլան վճռակամ իրենց քայլերուն մէջ՝ մեր հայրենիքի եւ ազգի գոյութիւնը ապահովելու համար:
Սփիւռքի տարածքին, յատկապէս հայութեան ճակատագրին համար կենսական կարեւորութիւն ներկայացնող երկիրներու մէջ, հայութիւնը պատասխանատուութիւնը ունի ընտրեալ եւ քաղաքական պաշտօնատարներու հետ միշտ կապ մէջ մնալու, լուսարձակի տակ պահելու համար հայութեան մտահոգութիւնները եւ պաշտօնատարներէն պահանջելու՝ ջատագովել հայութեան շահերը։ Ինչպէս 2009ին, մենք կը ստանձնենք այս գործընթացներուն մօտէն հետեւելու պարտականութիւնը եւ քաջալերելու համար համայնքը, որ գործնական քայլերու դիմէ, կանխարգիլելու համար մեր հայրենիքին եւ ազգին սպառնացող վտանգաւոր քայլերը։
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ